Social Democrat Hunchak Party - Lebanon

Social Democrat Hunchak Party - Lebanon Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն - Լիբանան

Social Democrat Hunchak Party - Lebanon

حزب الهنشاك الاشتراكي الديمقراطي - لبنان

Social Democrat Hunchakian Party (SDHP) (Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն; ՍԴՀԿ), is the oldest Armenian political party and was the first Socialist and revolutionary party in the Ottoman Empire and in Persia. It was founded in 1887 by Avedis Nazarbekian, Mariam Vardanian, Gevorg Gharadjian, Ruben Khan-Azat, Christopher Ohanian, Gabriel Kafian and Manuel Manuelian, a group of college students in Geneva, Switzerland, with the goal to gain Armenia's independence from the Ottoman Empire.

04/08/2026
ԳՈՅԺՍ.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինը խոր ցաւով կը գուժէ երկար տարիներու Վարիչ Մարմինի նախկին անդամ, Ս.Դ.Հ.Կ. Սապահ...
03/08/2026

ԳՈՅԺ
Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինը խոր ցաւով կը գուժէ երկար տարիներու Վարիչ Մարմինի նախկին անդամ, Ս.Դ.Հ.Կ. Սապահ Գիւլ Մասնաճիւղի երկար տարիներու վարչութեան նախկին Ատենապետ, հաւատաւոր կուսակցական եւ նուիրեալ գաղափարական ընկերներէն ՆԱՀԱՊԵՏ ՂԱՐԻՊԵԱՆԻ-ի մահը։

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ յարգելի ընկեր:

ԳՈՅԺՍ.Դ.Հ.Կ. Փարամազ Մասնաճիւղը կը գուժէ երկար տարիներու մասնաճիւղի հաւատաւոր կուսակցական եւ նուիրեալ գաղափարական ընկերն...
02/08/2026

ԳՈՅԺ
Ս.Դ.Հ.Կ. Փարամազ Մասնաճիւղը կը գուժէ երկար տարիներու մասնաճիւղի հաւատաւոր կուսակցական եւ նուիրեալ գաղափարական ընկերներէն Մարտիկ Մարտիկեան-ի մահը։

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ յարգելի ընկեր:

هم حماة الأرض، وسند الوطن، ورمز الوفاء.كل عام والجيش اللبناني بألف خير.
01/08/2026

هم حماة الأرض، وسند الوطن، ورمز الوفاء.
كل عام والجيش اللبناني بألف خير.

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Յատուկ ՆիստՀայ քաղաքական կուսակցութիւններու համահայկական եւ լիբանանե...
07/07/2026

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Յատուկ Նիստ
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու համահայկական եւ լիբանանեան մարմիններու ներկայացուցիչները գումարեցին յատուկ նիստ, որ տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 6 յուլիս, 2026-ին, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ։
Ժողովականները հանգամանօրէն քննարկեցին տարածաշրջանային, լիբանանեան, հայաստանեան եւ համայնքային խնդիրներ, որոնց ուղղութեամբ ճշդեցին նաեւ ուղենշային կէտեր։
Ա․ Լիբանանեան քաղաքական եւ հասարակական դաշտը կը դիմագրաւէ հերթական դժուար փուլ՝ իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներու, դիւրաբեկ հրադադարի, Լիբանան-Իսրայէլ համաձայնութեան ընդառաջ ընթացող բանակցութիւններու առումներով։ Այս փուլին կը բացակայի քաղաքական եւ հասարակական դաշտին մէջ համալիբանանեան դիրքորոշումը։ Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները՝ շեշտը դնելով ներլիբանանեան պառակտուածութեան ժխտական հետեւանքներուն վրայ, ընդգծեցին առաջնահերթ սկզբունքներուն կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը՝ զինադադարի յարգում, գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան անզիջելիութիւն։ Այս զգայուն իրավիճակին մէջ հրամայական նկատուեցաւ ծայրայեղութիւններէ հեռու մնալը, ներլիբանանեան դաշտին մէջ բոլոր տեսակի սադրանքները մերժելը եւ բաժանարար գիծերը չխորացնելը՝ թէ՛ պետական եւ թէ՛ քաղաքացիական-հասարակական շրջանակներուն մէջ։
Բ․ Լիբանանեան ճակատը նկատելով տարածաշրջանին մէջ զարգացող իրադարձութիւններու կարեւորագոյն հատուածը, ժողովականները լուսարձակի տակ առին Անգարայի նկրտումները՝ իրավիճակէն օգտուելով ազդեցութեան գօտիներ նուաճելու նպատակով։ Անկախ հռետորաբանական մակարդակի վրայ արձանագրուող Իսրայէլ-Թուրքիա լարուածութենէն, արձանագրուեցան այն փաստերը, որոնք շրջանին մէջ երկու երկիրներու զուգահեռ թափանցումներու եւ զինուորական առկայութիւններու մասին կը վկայեն։ Առ այդ, կուսակցութիւնները իրենց քաղաքական դիրքորոշումներուն ընթացքին նկատի կ՛ունենան այս միտումները՝ զանոնք արծարծելով իրենց քաղաքական-յարաբերական հանդիպումներուն։
Գ․Իսրայէլի գործադիր իշխանութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի հանգամանքները քննարկելով, ժողովը հաստատեց անոր ընտրուած պահու քաղաքական մղումները, Իսրայէլ-Թուրքիա լարուող յարաբերութիւններու խորապատկերին վրայ։ Այդ հանգամանքներուն կը ներառուի Իսրայէլի ներգրաւումը արցախեան պատերազմին, Ազրպէյճանի հետ զարգացող թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ ռազմական մարզերու մէջ համագործակցութիւնը։
Դ․Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները անդրադարձ կատարեցին նաեւ հայաստանեան իրադարձութիւններուն եւ ընդգծեցին, որ անկախ այնտեղ արձանագրուող իրադարձութիւններու նկատմամբ կուսակցութիւններու որդեգրած դիրքորոշումներէն, համահայկական հարցերու եւ առաջնային օրակարգերու շուրջ անխախտ կը մնան միջկուսակցական միացեալ կեցուածքները՝ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման, Պաքուի մէջ անօրինաբար պահուող ռազմագերիներու ազատ արձակման պահանջներու եւ համապատասխան աշխատանքներու ուղղութեամբ։ Օրակարգի այս կէտի քննարկումով շեշտուեցաւ համահայկական օրակարգերու շուրջ Սփիւռքի այլ շրջաններու մէջ եւս հանդիպումներու ձեռնարկելու եւ համակարգուած աշխատելու հրամայականը։
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները պիտի շարունակեն գումարել նիստեր, քննարկելով տարածաշրջանային, լիբանանեան, համասփիւռքեան-համահայկական օրակարգի կէտեր։

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՈՒՂԻՈՎ՝ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ ԱՊԱԳԱՅ Վերահաստատելով, որ ոչ ոք մոռցուած է եւ ոչինչ մոռցու...
25/06/2026

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՈՒՂԻՈՎ՝ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ ԱՊԱԳԱՅ

Վերահաստատելով, որ ոչ ոք մոռցուած է եւ ոչինչ մոռցուած է, Հնչակեան Քսան հերոսներու նահատակութեան 111-րդ տարելիցին առթիւ, Ուրբաթ, 19 Յունիս 2026-ի երեկոյեան, Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հնչակեան նահատակներուն յիշատակի ոգեկոչման հանդիսութիւն, որուն ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեան, ՄԱՀԱԵՄ Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Հրայր Չոլաքեան, գերպ. Տ. Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան, Պէյրութի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան ու դեսպանութեան անձնակազմը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Աւետիս Տագէսեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպէր Պալապանեան եւ ՌԱԿ Շրջանային վարչութեան անդամ տոքթ. Սահակ Թաշճեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետի ներկայացուցիչ Ճորճ Գրիգորեան, Պէյրութի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ մեթր Սերժ Մելքոնեան եւ Յովհաննէս Պչաքճեան, Սին էլ Ֆիլի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Գարօլին Խաչիկեան, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Լիզա Պասթաճեան, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ ազգային, մարզական, կրթական, բարեգործական, քաղաքապետական, մշակութային եւ լրատուական կառոյցներու ատենապետներ ու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ բազմաթիւ լիբանանահայեր:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեան, ՄԱՀԱԵՄ Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Հրայր Չոլաքեան, գերպ. Տ. Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան, Պէյրութի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան ու դեսպանութեան անձնակազմը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Աւետիս Տագէսեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպէր Պալապանեան եւ ՌԱԿ Շրջանային վարչութեան անդամ տոքթ. Սահակ Թաշճեան, Պէյրութի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ մեթր Սերժ Մելքոնեան եւ Յովհաննէս Պչաքճեան, Սին էլ Ֆիլի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Գարօլին Խաչիկեան, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Լիզա Պասթաճեան, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ մարզական, կրթական, բարեգործական, մշակութային եւ լրատուական կառոյցներու ատենապետներ ու ներկայացուցիչներ:
Խմբավարութեամբ ընկ. Յովիկ Թաֆրանեանի, նորակազմ «Կայծ» երգչախումբը հանդիսութեան բացումը կատարեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՍԴՀԿ-ի քայլերգներով, ապա ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի անդամ ընկ. Գէորգ Տաղլեան ողջունեց ներկաները եւ դիտել տուաւ, որ այս տարի որոշուած է ոգեկոչել ոչ միայն Քսանները, այլեւ անոնց նահատակութեան 111-րդ տարելիցին առթիւ յարգանքի տուրք մատուցել հնչակեան բոլոր ծանօթ եւ անծանօթ նահատակներուն, որովհետեւ հայրենիքին, ժողովուրդին եւ գաղափարին համար կեանքի զոհաբերութիւնը կը համարուի գերագոյն արժէք: «Այսօր նաեւ ուխտի նորոգման օր է, երբ կը վերանորոգենք մեր հաւատարմութիւնը այն արժէքներուն եւ իտէալներուն, որոնց համար պայքարեցան եւ նահատակուեցան մեր նախնիները։ Ի սկզբանէ, Հնչակեան կուսակցութեան նպատակը եւ առաքելութիւնը եղած է ազատագրուած տեսնել Հայաստանը, ինչպէս նաեւ ազատ ու արժանապատիւ կեանքով ապրող բոլոր ժողովուրդներն ու ընկճեալ դասակարգերը», յիշեցուց ընկ. Տաղլեան, դիտել տալով, որ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն ներկայութեամբ հանդիսութիւնը վերածուած է նահատակներուն պատգամով ոգեշնչուելու եւ համախմբուելու հնարաւորութեան:
ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեան իր խօսքին մէջ «ազգային արժանապատուութեան տիտաններ» համարեց հնչակեան նահատակները, յիշեցնելով որ կուսակցութեան պատմութեան էջերը հարուստ են պայքարի ոսկէ դրուագներով: Ան ապա անդրադարձաւ Լիբանանի մերօրեայ զարգացումներուն ու վերահաստատեց Հնչակեան կուսակցութեան յանձնառութիւնը արժանապատիւ խաղաղութեան, զօրակցելով Լիբանանի պետութեան եւ օրինական զինուած ուժերուն, հեռու արտաքին միջամտութիւններէն: Իր խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն, ընկ. Տագէսեան կոչ ուղղեց յանձնառու մնալու նահատակներուն արժէքներուն:
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկաւ ջութակահար Սագօ Աւագեան, երգեհոնի վրայ ընկերակցութեամբ Զարեհ Գալանճեանի, մինչ ընկ. Թաֆրանեան ներկայացուց ազգային քանի մը երգ:
ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ ազգային ազատագրական եւ ընկերվարական պայքարին մէջ ՍԴՀԿ-ի աւանդին վրայ, վստահեցնելով որ կուսակցութիւնը յանդուգն պայքարող էր ու կը մնայ երէկ, այսօր եւ ընդմիշտ: Ան ապա անդրադարձաւ Հայաստանի նորագոյն զարգացումներուն, վերահաստատելով միասնականութիւնը պահպանող եւ պետութիւնը ամրացնող լուծումներու յանգելու Հնչակեան կոչը:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանը ներկաներուն փոխանցեց իր սրտի խօսքը, որուն մէջ նշեց, թէ ուրախ եւ տխուր առիթներով միշտ մեր նահատակները մեծարելով կը վերյիշենք, որ պայքարի ուղիին վրայ ունեցած ենք բազում հերոսներ, որոնք պահպանած են հայութեան իտէալները եւ նոյնիսկ կեանքի գնով մարտնչած են յանուն հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն: «Հայոց պատմութեան կրակը պէտք է ամէն օր բոցավառէ մեր կեանքը, որպէսզի մեր տուներէն ներս, կառոյցներէն ներս, կազմակերպութիւններուն ճամբով եւ մեր համայնական կեանքին մէջ մենք շարունակենք Հայաստանը ամէն օր հաւատքով ապրեցնել մեր մէջ», ըսաւ ան: Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց բոլոր անոնք, որոնք մեր պատմական մեծերուն օրինակով այսօր կը շարունակեն մեր պայքարը:
Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը իր աւարտին հասաւ «Ուխտի Հրաւէր» երգով, կատարողութեամբ «Կայծ» երգչախումբին եւ բոլոր ներկաներուն, որմէ ետք Յովիկ Թաֆրանեան ներկայացուց փունջ մը ազգային յեղափոխական երգեր:
Ոգեկոչելով Քսաններուն եւ հնչակեան բոլոր նահատակներուն յիշատակը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան մերօրեայ սերունդը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը՝ հերոսներուն աւանդին տէր կանգնելու, անոնց արեան գնով կերտուած արժէքները կրելու եւ գալիք սերունդները հնչակեանի նոյն ոգիով ներշնչելու պարտականութեան, որովհետեւ այդպէս նահատակները չեն մեռնիր, այլ նոր սերունդին մէջ կը ծնին նորանոր հերոսներ:

ՓԱՐԱՄԱԶԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻԻՆ ՄՕՏ՝ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՈՒԽՏ ԵՒ ՆՈՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ Յունիս 15-ը սոսկ սովորական թուական մը չէ ,հայոց պատմութ...
16/06/2026

ՓԱՐԱՄԱԶԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻԻՆ ՄՕՏ՝ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՈՒԽՏ ԵՒ ՆՈՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ

Յունիս 15-ը սոսկ սովորական թուական մը չէ ,հայոց պատմութեան փառաւոր էջերուն մէջ իր յատուկ տեղը ունի հայ ազգի հերոս գործիչներէն Փարամազը եւ իր 19 ընկերները։ Արդարեւ Երկուշաբթի, 15 Յունիս 2026-ին երեկոյեան, ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի հրաւէրին ընդառաջելով, Լիբանանի մասնաճիւղերու եւ յարակից միութիւններու ատենապետերու եւ վարչական անդամներու մասնակցութեամբ, ՀԿԲՄ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճի շրջափակին մէջ անմահանուն մեծ առաջնորդ Փարամազի կիսանդրիին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում։
Օրուան միջոցառումը սկսաւ ՀՄՄ-ի Սկաուտական փողերախումբի կատարողութեամբ՝ Լիբանանի Հայաստանի եւ ՍԴՀԿ քայլերգներով, ապա ՍԴՀԿ կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ընկ. Ալէքսան Քէօշկէրեան եւ Վարիչ Մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեան ՍԴՀԿ անունով ծաղկեպսակ զետեղեցին, որուն յաջորդեց իւրաքանչիւր մասնաճիւղի կողմէ ծաղկեմատոյց՝ որոնց շարքի՝ն Ն.Ս.Մ.Մ.-ի, Հ.Կ.Բ.Մ.-ի, Տ.Ո.Ե.Մ.-ի եւ ՀՄՄ-ի վարչութիւնները։
Օրուան պատգամը փոխանցելու հրաւիրուեցաւ ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենադպիր Ընկ. Տիգրան Միհրանեանը։
Ան իր խօսքը սկսաւ ըսելով՝ «Հաւաքուած ենք այսօր Կրկին անգամ նորոգելու մեր ուխտը կառչած մնալու հնչակեան սկզբունքին եւ գաղափարախօսութեան: Ինչպէս նաեւ մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու Հնչակեան Քսան անմահներուն յիշատակին, որոնք նահատակուեցան վասն հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ վասն հայրենիքի կերտման:
111 տարիներ անըդնմէջ Հնչակեան ուխտեալներս, մեր հաւատաւոր համակիրները եւ համայն հայ ժողովուրդը, կ'ոգեկոչենք Քսան կախաղաններու յիշատակը, կը խոնարհինք անոնց հայրենասիրութեան, նուիրուածութեան եւ գաղափարին ու հաւատքին առջեւ»:
Իր խօսքին մէջ ընկ. Միհրանեան դիտել տուաւ թէ՝ «111 տարի անըդնմէջ, ամէն տարի նորովի ըմբռնումով կը վերյիշենք անոնց մարգարէութիւն դարձած վերջին պատգամները, ամէն տարի աւելի ու աւելի կ'արժեւորենք մեր նախնիներու յեղափոխական գործունէութիւնը, որ իրենց առաջնորդեց դէպի կախաղան, տիրանալու ազգի եւ մարդկութեան նուիրեալի մը, հասանելի ամենաբարձր՝ հերոս նահատակի տիտղոսին: 1887-ին հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ անոր գաղափարախօսութիւնը դարձաւ մեր յեղափոխական այն անդրանիկ կուսակցութիւնը, որ անհամար նահատակներ տուաւ հայրենիքի ազատագրութեան սրբազան խորանին»:
Ընկերը իր խօսքին մէջ նաեւ ըսաւ՝ «139 տարիներ ետք մենք հպարտ պէտք է զգանք Հնչակեան ըլլալով: Հնչակեան ըլլալ` նուիրական առաքելութիւն մըն է համամարդկային արժէքներու, որոնք խարսխուած են արդարութեան եւ ընկերվարական սկզբունքին վրայ: Բայց Հնչակեան ըլլալ նաեւ նուիրական ծառայութիւն մըն է հայ ազգին եւ հայոց հայրենիքին նկատմամբ, համակ էութեամբ, սրտով, հոգիով, մտքով եւ զօրութեամբ: Այս է աւանդը Հնչակեան բիւրաւոր նահատակներուն»:
Ընկ. Միհրանեան իր յատուկ ոճով խրախուսեց ներկայ երիտասարդութիւնը, որ ըլլան նախանձախդիր Անմահն Փարամազի կիսանդրիին առջեւ վերանորոգելու մեր ուխտը, կառչած մնալու մեզի հասած` Հնչակեան դրօշին տակ զոհուած ու նահատակուած հերոսներուն աւանդը «Մարտիրոսացած գաղափարի անմահութեան առաքեալ՝ Փարամազ եւ իր գաղափարապաշտ ընկերները, այսօր աւելի քան երբեք հզօր ու լուսապայծառ մնացին, կը մնան ու պիտի մնան իրենց դաւանած Յաղթական գաղափարը», ըսաւ ան:
Պատգամախօս ընկերը կարեւոր նկատեց, որ այդ գաղափարին յենած հայութեան նո՛ր սերունդականները, քաջազուն նախնիքներուն պողպատեայ հաւատքով զրահուած, անշեղ հայեացքները յաղթականօրէն ուղղեն դէպի պայծառ ապագան, նոր կեանքի, նոր գործի եւ նոր յաջողութեան յուսատու ձգտումներով:
Եզրափակելով իր ելոյթը ընկ. Միհրանեանը ըսաւ՝ «Փա՛ռք Քսան ջահակիրներուն, որոնք այսօր արցունք խլելու փոխան, մեզի հպարտութեան, պայքարի եւ անընկճելիութեան ներշնչում կու տան: «Ըլլա՛նք անվեհեր: Շարունակենք մեր ազգային, համազգային ճիգը: Ճանչնա՛նք մեր պատասխանատուութիւնը, կատարե՛նք մեր պարտականութիւնը եւ քայլե՛նք առա՜ջ, առա՜ջ, դիմաւորելու համար քաղաքական ինքնավար Հայաստանը, որ վառ արշալոյսով կը բարձրանայ Մայր Հայաստանի երկնակամարի վրայ: Չյուսահատինք, այլ ըլլանք քաջարի, շարունակենք մեր սուրբ գործը: Ինչպէս բանաստեղծի խօսքերով կըսէ՝ “Պայազիտի բարձրունքէն ես Վաղուան հունձքը տեսայ” եւ ահա մենք այդ հունձքն ենք, որ կը շարունակենք անշէղօրէն հետեւիլ 20-ններու պատգամին եւ գաղափարախօսութեան:
Կեցցէ Քսանները ծնող հայ ժողովուրդը
Կեցցէ Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը
Կեցցէ ընկերվարական ժողովրդավար Հայաստանը»:
Միջոցառումը փակուեցաւ ներկաներուն «Ուխտի հրաւէր»ի միաձայն երգեցողութեամբ։

15/06/2026

ՊԱՅԱԶԻՏԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԷՆ՝ ԵՍ ՎԱՂՈՒԱՆ ՀՈՒ՛ՆՁՔԸ ՏԵՍԱՅ…

Address

Dora

Opening Hours

Monday 09:00 - 17:00
Tuesday 15:00 - 20:00
Wednesday 15:00 - 20:00
Thursday 15:00 - 20:00
Friday 15:00 - 20:00
Saturday 09:00 - 17:00

Telephone

+9611444738

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Social Democrat Hunchak Party - Lebanon posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Organization

Send a message to Social Democrat Hunchak Party - Lebanon:

Shortcuts

Share