Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւն Ընտրական Գրասենեակ / SDHP Electoral Office

  • Home
  • Lebanon
  • Beirut
  • Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւն Ընտրական Գրասենեակ / SDHP Electoral Office

Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւն Ընտրական Գրասենեակ / SDHP Electoral Office Ս.Դ.Հ.Կ. Ընտրական Գրասենեակ
Կեդրոնական Գրասենեակի հասց?

Կիրակի, 18 Մայիս 2025-ին մայրաքաղաք Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու յաղթանակը կը շարունակուի ։Ուստ...
22/05/2025

Կիրակի, 18 Մայիս 2025-ին մայրաքաղաք Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու յաղթանակը կը շարունակուի ։
Ուստի կոչ կուղղենք յետագային մարտահրաւէրները մղելու միեւնոյն ոգիով։

https://araraddaily.com/archives/57002
20/05/2025

https://araraddaily.com/archives/57002

  Անկախ Պէյրութի թաղապետա-քաղաքապետական ընտրութիւններու արդիւնքներէն, մասնակիցներու տոկոսային տուեալներէն, ժամանակէ մը ասդին կատարուո

16/05/2025

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան թեկնածուն Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի Քաղաքապետական ընտրութիւններուն:

Արմէն Սէֆէրեան Ծնած է Պէյրութ 1966-ին, զաւակն  է Ընկ.Մելքոն Սէֆէրեանի ։          Յաճախած է Թէքէեան վարժարան ապա Սահակեան...
13/05/2025

Արմէն Սէֆէրեան Ծնած է Պէյրութ 1966-ին, զաւակն է Ընկ.Մելքոն Սէֆէրեանի ։ Յաճախած է Թէքէեան վարժարան ապա Սահակեան եւ Յովակիմեան Մանուկեան երկրորդական վարժարանները որմէ ետք աւարտած է CIT արհեստաքիտական քոլէճի էլէկդրոնիքսի մասնագիտութեան ճիւղը։ 1990ական թուականներէն սեբականատերն է հեռակապի ( telecommunications) միջոցներու վաճառատան։ Փոքր տարիքէն անդամակցած է Մասիս Մարզական Միութեան սկաուտական շարժումին ուր մինչեւ օրս անդամ է։ 2004-էն ընտրուած է թաղապէտ յաջորդաբար 2010 եւ 2016 թուականներուն։ Ամուսնացած է, ունի երկու զաւակ։

Պէյրութի Քաղաքապետական խորհուրդի ՍԴՀԿ-ի թեկնածու Յովիկ Յակոբ Պուչաքճեան                     ծնած է Պէյրութ 1980-ին:Յակոբ...
13/05/2025

Պէյրութի Քաղաքապետական խորհուրդի ՍԴՀԿ-ի թեկնածու Յովիկ Յակոբ Պուչաքճեան ծնած է Պէյրութ 1980-ին:
Յակոբ Պչաքճեան գործի բերումով իր ընտանիքի անդամներուն հետ կը հաստատուին Սէուտական Արաբիա, ուր Յովիկ Պուչաքճեան իր ուսումը կը ստանայ British Continental School-ի մէջ մինչեւ 1996, որմէ ետք կը տեղափոխուին Լիբանան եւ Յովիկ իր երկրորդական ուսումը կը շարունակէ Sagesse High School-ի մէջ։
Յովիկ Պուչաքճեան համալսարանական ուսումը շարունակելու համար կ'ընդունուի Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան եւ 2001-ին կը վկայուի Computer science ճիւղի մասնագիտութեամբ, իսկ 2004-ին՝ Civil engineering մասնագիտութեամբ:
Որպէս civil engineer, 2004-2006 աշխատած է Bemco International offshore ընկերութեան մէջ, իսկ 2006-2008 Arabian Bemco contracting ընկերութեան մէջ (Ռիատ), յաջողցնելով բազմաթիւ ծրագրեր: 2009-2010 ճամբորդած է Ափրիկէ, ուր հօրը հետ շարունակած է աշխատիլ: 2011-2016 հիմնած է Falcon International development & contr. եւ Foresight International ընկերութիւնները:
2017-ին Յովիկ Պուչաքճեան կը վերադառնայ Լիբանան եւ արտերկրի մէջ իր գործերուն կողքին կը հետեւի նաեւ Middle East Granite ընկերութեան աշխատանքներուն:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՍԴՀԿ-Ի ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԵՒ ԹԱՂԱՊԵՏԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸՍոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարի...
11/05/2025

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՍԴՀԿ-Ի ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԵՒ ԹԱՂԱՊԵՏԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինը մօտէն կը հետեւի Լիբանանի ամբողջ տարածքին կայացող քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ու մասնաւորաբար հայաշատ քաղաքապետութիւններու ընտրական հոլովոյթին: Այս ծիրին մէջ, գլխաւորութեամբ ատենապետ Ընկ. Վանիկ Տագէսեանին, ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինը ընդունեց Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն Հնչակեան կուսակցութեան առաջադրած թեկնածուներ Յովիկ Յակոբ Պուչաքճեանը եւ թաղապետ Արմէն Մելքոն Սէֆէրեանը: Ժողովին ընթացքին անդրադարձ եղաւ Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն եւ ընտրական նախապատրաստութիւններուն: Զրուցակիցները արծարծեցին ընդհանրապէս պէյրութցիներուն եւ մասնաւորաբար հայաշատ թաղամասերու բնակչութեան կարիքներն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները, շեշտելով քաղաքացիներուն կենսական կարիքները գոհացնելու ուղղութեամբ աշխատելու անհրաժեշութիւնը: Պուչաքճեան եւ թաղապետ Սէֆէրեան ընդգծեցին ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինին, ՊԷյրութի շրջանի մասնաճիւղերուն եւ յարակից միութիւններու վարչութիւններուն հետ համատեղ աշխատելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ հնարաւորինս արագ իրականացնել զարգացումի միտող ծրագիրները:

ՍԻՆ ԷԼ ՖԻԼԻ ՄԷՋ ՍԴՀԿ Կ'ՈՐԴԵԳՐԷ ԳԱՐՈԼԻՆ ԽԱՉԻԿԵԱՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸՔաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններու նախապատրաստակ...
26/04/2025

ՍԻՆ ԷԼ ՖԻԼԻ ՄԷՋ ՍԴՀԿ Կ'ՈՐԴԵԳՐԷ ԳԱՐՈԼԻՆ ԽԱՉԻԿԵԱՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

Քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրին մէջ, Սին էլ Ֆիլի մէջ առաջադրուած հայազգի թեկնածու Գարոլին Խաչիկեան այցելեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոնատեղի, ուր տեսակցեցաւ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինին հետ, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի, ներկայութեամբ շրջանի ՀՄՄ Թոմարզա մասնաճիւղի ատենապետ Յարութ Երեմնեանին եւ թեկնածուին հօր՝ ընկ. Տրդատին: Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան քաղաքապետական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր, մասնաւորաբար Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետութեան շրջանին մէջ տիրող ընտրական պատկերը եւ նախընտրական աշխատանքները: Զրուցակիցները արծարծեցին նշեալ շրջանի բնակիչներուն կարիքները, մարտահրաւէրները, կենցաղային պայմաններու բարելաւումի հնարաւորութիւնները եւ քաղաքացիներուն կարիքները գոհացնող ծրագիրներ իրականացնելու միջոցները: Գարոլին Խաչիկեան ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինին ներկայացուց իր պատկերացումներն եւ առաջարկները, վստահեցնելով, թէ որպէս մայրաքաղաքի գլխաւոր մուտքերէն մէկը, Սին էլ Ֆիլի մէջ կայ բարգաւաճումի մեծ ներուժ եւ խնդիրներու անյապաղ լուծումի անհրաժեշտութիւն:
Հանդիպումին արդիւնքով, ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինը որոշեց քաղաքապետական ընտրութիւններուն Սին էլ Ֆիլի շրջանին մէջ որդրեգրել Գարոլին Խաչիկեանի թեկնածութիւնը:

http://nna-leb.gov.lb/ar/show-news/370912/
18/10/2018

http://nna-leb.gov.lb/ar/show-news/370912/

وطنية - عقدت الاحزاب الارمنية الثلاثة اجتماعا في مطرانية الارمن الارثوذكس، للبحث في تشكيل الحكومة وتمثيل الطائفة الارمنية فيها. ورحب المجتمعون، في بيان، بالجهود ال...

ՍԴՀԿ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՆՍԵՄԱՑՈՒՄԸ Անցնող քանի մը ժամերուն շարունակուեցան նոր կառավարո...
18/10/2018

ՍԴՀԿ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՆՍԵՄԱՑՈՒՄԸ

Անցնող քանի մը ժամերուն շարունակուեցան նոր կառավարութեան կազմութեան շուրջ յառաջացած խորհրդակցութիւնները եւ քննարկումները: Բոլոր տուեալները կը նշեն, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է եւ կը մնան կարգ մը բարդոյթներ, որոնց համար անհրաժեշտ է լուծումներ գտնել: Անոնցմէ մէկն է վերջին ժամերուն տարածուած շշուկները` 30 նախարարներէ բաղկացած կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան միայն մէկ հայ առաքելական նախարար տրամադրելու եւ երկրորդ նախարարը փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչի փոխանցելու մասին: Այս առնչութեամբ, ՙԱրարատ՚ կապ հաստատեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանի հետ: Մեկնաբանելով նշեալ շշուկները, Ընկ. Գալփաքեան վերահաստատեց, որ 30 հոգինոց կառավարութեան մէջ երկու հայ առաքելական նախարար ունենալը հայութեան իրաւունքն է եւ ենթակայ չէ սակարկութեան կամ որեւէ քննարկումի: Ան դիտել տուաւ, որ եթէ երեսփոխանական վերջին ընտրութիւններուն աճպարարութեամբ մը կարելի եղաւ խափանել հայ համայնքի ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը, ապա այսօր թոյլատրելի չէ կրկնել նոյն փորձը: Ընկ. Գալփաքեան զգուշացուց Լիբանանի մէջ տարիներէ ի վեր գործող կարգերը խախտելու վտանգաւոր հետեւանքներէն եւ հաստատեց, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ լիբանանահայութիւնը կը մերժեն իրենց քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւնը նսեմացնելու փորձերը` զանազան խորագիրներու տակ, նախագահ Միշէլ Աունին եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին կոչ ուղղելով պահպանելու բոլորին արդար իրաւունքները: Ընկ. Գալփաքեան նաեւ նշեց, որ եթէ երկու հայ առաքելական նախարարներէն մէկը վերապահուած է կուսակցութեան մը, ապա երկրորդ հայ նախարարի անուանումը պէտք է վերապահուած ըլլայ միւս կուսակցութիւններուն, որոնք եւս գործօն մասնակցութիւն ունին լիբանանահայ եւ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ: Վարիչ Մարմինի ատենապետը նման կարգերու խախտման պարագային կոչ ուղղեց ընդհանրապէս մաս չկազմելու կառավարութեան:

Address

Beirut

Telephone

+9611444738

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւն Ընտրական Գրասենեակ / SDHP Electoral Office posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Organization

Send a message to Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւն Ընտրական Գրասենեակ / SDHP Electoral Office:

Share