ՀՅԴ Լիբանան, ARF Lebanon, Tashnag

ՀՅԴ Լիբանան, ARF Lebanon, Tashnag Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - Լիբանան

Armenian Revolutionary Federation - Lebanon

الحساب الرسمي لحزب الطاشناق - لبنان

Կիրակի, 31 մայիս 2026-ին Ֆըրն Շըպպեքի եւ Պուրճ Համուտի գերեզմանատուներուն մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ եւ ծաղկեպս...
01/06/2026

Կիրակի, 31 մայիս 2026-ին Ֆըրն Շըպպեքի եւ Պուրճ Համուտի գերեզմանատուներուն մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ եւ ծաղկեպսակի զետեղում՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներու յիշատակին։
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը փոխանցեց՝ Եղիա Թաշճեան։

31/05/2026

Յանուն ինքնութեան եւ պետականութեան՝
Լիբանանահայութիւնը վերահաստատեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան ուխտը։

29/05/2026

«Մենք պէտք է գիտակցենք, որ հետեւորդ սերունդը լինելով՝ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսներին, կարող ենք վերականգնել մեր արժանապատուութիւնը»։

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի ուղերձը` Սարդարապատի յուշահամալիրէն, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով։

«Տօնել մայիս 28-ը կը նշանակէ՝ ամէն ինչ ստորադասել ազգին եւ հայրենիքին համար։ Ամէն ինչ ի սպաս դնել՝ մեր տաղանդը, ամէն մար...
28/05/2026

«Տօնել մայիս 28-ը կը նշանակէ՝ ամէն ինչ ստորադասել ազգին եւ հայրենիքին համար։ Ամէն ինչ ի սպաս դնել՝ մեր տաղանդը, ամէն մարզի մէջ, եւ մեր ունեցուածքը, սկսելով մեր կեանքէն, յանուն ազգային մեր իտէալներու իրականացման։ Այն ատեն է, որ մայիս 28-ի տօնակատարութիւնը կը դադրի սոսկական հանդէս ըլլալէ եւ կը դառնայ մայիս 28-ի ճակատամարտի մասնակցութիւն։ Մենք որոշած ենք մասնակցի՞լ, թէ՞ մեռնիլ։ Ահա հարցը։ Եւ այս պատասխանը հայ ժողովուրդը եւ հայ երիտասարդութիւնը պիտի տայ»:

Սարգիս Զէյթլեան

27/05/2026

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախկին նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեան ուղերձ մը յղած է Պաքուի բանտէն։

Ուղերձին մէջ նշուած է, որ Պաքուի վերաքննիչ դատարանը նշանակած է առաջին դատական նիստը, որ տեղի պիտի ունենայ 2 յունիս 2026-ին։

Իշխանեան նաեւ յայտնած է, որ ազերի պաշտօնատարներ անուղղակի ակնարկներ կատարած են, թէ Հայ գերիները պիտի մնան Պաքուի բանտերուն մէջ, որքան որ Հայաստանի իշխանութիւնը` գլխաւորութեամբ Նիկոլ Փաշինեանի, կ'ուզէ։

Ուղերձի աւարտին, Դաւիթ Իշխանեան մայիս 28-ի առիթով շնորհաւորեց Հայաստանի Ա. անկախութեան տօնը։

بمناسبة عيد الأضحى المبارك، نتقدّم بأصدق التهاني وأطيب التمنيات، سائلين الله أن يعيده عليكم وعلى الوطن بالخير والأمن وال...
27/05/2026

بمناسبة عيد الأضحى المبارك، نتقدّم بأصدق التهاني وأطيب التمنيات، سائلين الله أن يعيده عليكم وعلى الوطن بالخير والأمن والازدهار.

عيد تحرير جنوب لبنان
25/05/2026

عيد تحرير جنوب لبنان

Լիբանանի մէջ Մայիսեան եւ այլ գաղութային ձեռնարկները հետեւեալ հասցէով՝https://arflebanon.org/events
20/05/2026

Լիբանանի մէջ Մայիսեան եւ այլ գաղութային ձեռնարկները հետեւեալ հասցէով՝

https://arflebanon.org/events

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս լիբանանեան մամուլը արձագանգեց Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին եւ այս առիթով կազմակերպուա...
19/05/2026

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս լիբանանեան մամուլը արձագանգեց Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին եւ այս առիթով կազմակերպուած (24 ապրիլ 2026) ոգեկոչման ձեռնարկներուն` անդրադառնալով մասամբ յօդուածներով, թղթակցութիւններով կամ անհատական տեսակէտներով ընկերային ցանցերու զանազան հարթակներուն վրայ:

Արձագանգներու ամփոփ զեկուցումը՝
https://arflebanon.org/news/3237

Արցախի անկախութեան հռչակումէն ետք պատերազմը նոր թափ ստացաւ։ Ազրպէյճանական զօրքերը անցան բռնաճնշումի նոր ալիքի մը։ Զուգահ...
18/05/2026

Արցախի անկախութեան հռչակումէն ետք պատերազմը նոր թափ ստացաւ։ Ազրպէյճանական զօրքերը անցան բռնաճնշումի նոր ալիքի մը։ Զուգահեռ, ցամաքային կապէ զուրկ, Արցախի նորանկախ պետութիւնը ամբողջովին անջատուած էր մայր Հայաստանէն, այդ պատճառով ալ մարդուժի, զինամթերքի եւ դեղորայքի փոխադրութիւնը չափազանց դժուար էր։ Այս զարգացումի լոյսին տակ, պատմական Շուշիի կողքին առաջնահերթութիւն էր նաեւ Բերձորի ազատագրումը։ Այսպիսով, «Հարսանիք լեռներում» գործողութեան իրականացումէն ետք, 18 մայիս 1992-ին հայկական զօրքերը կարողացան ազատագրել Բերձորը, եւ Արցախի Հանրապետութիւնը ցամաքային կապով միացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան:

Շուշիի եւ Բերձորի ազատագրումով սկսաւ հայկական կողմի շարունակական յաղթանակներու շղթան։

Address

Shaghzoyan Center, Bourj Hammoud
Beirut

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when ՀՅԴ Լիբանան, ARF Lebanon, Tashnag posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Organization

Send a message to ՀՅԴ Լիբանան, ARF Lebanon, Tashnag:

Share