03/04/2026
«Ապրիլի 3-ին, երեկոյեան, Արագած թաղամասը կ՛ենթարկուէր ահաւոր ռմբակոծումի, իր տեսակին մէջ աննախադէպ, երբ ամենածանր հրետանին գործի լծուած ահ ու սարսափ կը սփռէր շուրջ բոլոր: Ու այդ պայմաններուն մէջ, հերոս տղաներ եւ պատասխանատուներ, ամրացած ՀՅԴ «Դրօ» ակումբի մէջ, թեւ եւ թիկունկ էին շրջանի հայութեան, հասնելով բոլորի կարիքներուն եւ փրկութեան կանչերուն»
«Եւ ահա, յետ սարսափազդու ռումբի մը պայթումին, հայ ընտանիքի մը փրկութեան կանչը կը հասնի ակումբի տղոց ականջին: Եղիկն էր, որ առանց դոյզն երկմտանքի կը հագուէր փամփշտակալը եւ կը նետուէր մահուան գիրկը` հասնելու պայթումի վայր ու փրկելու հայ ընտանիքը»:
«Եղիկ Գայայեան ապրեցաւ 25 գարուններ միայն: Ան, իբրեւ հայրենապաշտ եւ ազգը սիրող երիտասարդ, գերազանցեց ինքզինք` ցոյց տալով զոհողութեան եւ նուիրումի վսեմ ճանապարհ: Եղիկ, շնորհիւ իր անյագ ընթերցասիրութեան, կրցաւ ամբարել գնահատելի գիտութիւն, եղաւ գաղափարապաշտ երիտասարդ, ըմբոստ եւ արդարադատ»։
Մէջբերուած Համբիկ Պիլալեանի յօդուածէն, «Ասպետական Տղոց Վերադարձին Կարօտով Կ՛ապրինքղ (Եղիկ Գայայեան – 30-ամեակ)», լոյս տեսած Ազդակի մէջ, 2019 թուակնին: