14/05/2022
Անգամ մը եւս թիրախ հանդիսացանք իշխող համակարգի կողմէ ահաբեկման եւ բռնութեան կիրառման նոր արարի, որ ի հեճուկս մեծամասնութեան՝ կը պայքարի իր ձեռքբերումները պահպանելու համար:
«Դէպի Պետութիւն» ընտրացուցակի երկսեռ գործիչները, Ուրբաթ՝ 13 Մայիսի երեկոյեան, Պուրճ Համուտի մէջ թռուցիկներ բաժանելու եւ ընտրական իրենց ծրագրի մասին իրազեկման արշաւի ընթացքին, յարձակման թիրախ դարձան «Դաշնակ» կուսակցութեան անդամներու կողմէ, գլխաւորութեամբ՝ երեսփոխան եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու «Դաշնակ» կուսակցութեան թեկնածու Յակոբ Բագրատունիի թիկնապահ՝ Շանթ Մալիքեանի, եւ մասնակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքային ոստիկանութեան աշխատակիցներու։
Այս մարդիկ ոչ միայն յարձակեցան մեր ընկեր Նոման Մաալուֆի եւ այլ ընկերներու վրայ, այլեւ այնքան լկտի գտնուեցան, որ կապ հաստատեցին Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ բնակուող քարոզարշաւի որոշ գործիչներու ընտանիքներուն հետ եւ սպառնացին անոնց։
Իշխանութեան աւելցուկի այս գործողութիւնները միայն կը վկայեն՝ գործող իշխանութեան սնանկութեան մասին, որ կը փորձէ ահաբեկման, վախի ու սարսափի մշակոյթը պարտադրել բոլորին, ովքեր թէկուզ գաղափարներով եւ խաղաղ գործողութիւններով իսկ կը համարձակին ընդդիմանալ իրենց:
Մեր բախումը այս ենթամշակոյթի հետ տեւական բնոյթ կը կրէ: Իշխող համակարգի տարատեսակ խժդժութիւնները նախապէս չյաջողեցան մեր կամքը թուլացնել, եւ իհարկէ, այսօր եւս չեն կրնար մեր վճռակամութիւնը խոցել ու տկարացնել։
Մեթնի ամբողջ ժողովուրդի համար է մեր պայքարը, եւ այս պայքարին մէջ մարդկանց առջև չկան կարմիր գիծեր՝ ազատօրէն արտայայտուելու և փոփոխութեան հասնելու համար։
Մենք՝ այսօր, վաղը եւ Կիրակի, կրկին պիտի գտնուինք Պուրճ Համուտի մէջ, բոլոր քաղաքներու եւ աւաններու մէջ, բոլոր անոնց հետ, ովքեր կը ձգտին փոփոխութեան եւ ազատութեան: