Armenian Relief Society of Macedonia and Thrace

Armenian Relief Society of Macedonia and Thrace Φιλανθρωπικό Σωματείο

30/05/2026
Հ.Օ.Մ-ի աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքը աղքատացածաւ։  Ընկեր Թաթուլը կը մնայ մեր սրտերուն մէջ, որպէս մտավորական,ազգային գործիչ ...
08/05/2026

Հ.Օ.Մ-ի աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքը աղքատացածաւ։ Ընկեր Թաթուլը կը մնայ մեր սրտերուն մէջ, որպէս մտավորական,ազգային գործիչ եւ նուիրեալ հայու կերպար։
Յիշատակով ապրինք եւ գործենք իր օրինակով։

01/04/2026

ՀՕՄԻ ԿԵԴՐ․ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐ՝
ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒ

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը Ուաթըրթաունի իր նստավայրին մէջ գումարեց իր լիագումարը, Հինգշաբթի Մարտ 19, 2026էն մինչեւ Կիրակի Մարտ 22, 2026։

Լիագումարին օրակարգը գերյագեցած էր Միութեան բազմաբնոյթ գործունէութեան առնչուած տարբեր նիւթերով, որոնք հանգամանօրէն քննարկուեցան եւ տրուեցան համապատասխան որոշումներ։

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ միաձայնութեամբ կայացուց որոշում, որուն հիմամբ տարբեր հաստատութիւններու եւ ծրագրերու կատարուեցան նիւթական յատկացումներ, այն խոր համոզումով, որ Սփիւռքի տարածքին գործող մեր կառոյցները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ իրականացուող տարբեր բնոյթի միութենական թէ անհատական օգտաշատ ծրագրերը, իրենց կարեւոր ներդրումը ունին հայութեան հաւաքական կեանքին մէջ։

Առ այդ կը յայտարարենք,որ նիւթական օժանդակութիւններ յատկացուեցան՝ Պոսթընի ՀԵԴ «Հայաստան» ճամբարին, Լոս Անճելըսի ՀԵԴ ճամբարին, Ֆրանսայի Կապոյտ Խաչի «Պէլ Ֆոնթէն» ճամբարին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի ՀՕՄի «Նորսիկեան» մանկապարտէզին, Պուլկարիոյ «Սօսէ» մանկապարտէզներուն, ՀՕՄի Արժանթինի եւ Պրազիլի տարէցներու տուներուն, Լիբանանի Պուրճ Համուտ քաղաքին եւ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ գործող՝ Ազգային Միացեալ Վարժարանին եւ Ազգային Քարէն Եփփէ Քոլէճին, ՍՕԽաչի եւ ԼՕԽի «Տաք Ճաշ» ծրագրերուն, ԼՕԽի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի շողանկարումի սարքին Carestream-CR classic գործիքին գնման, արցախահայ հաշմանդամ երեխաներու հոգատարութեան եւ նշանաւոր դիւանագէտ եւ գործիչ Տիանա Աբգարի մասին վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութեան ծրագրին։

Այս յոյժ կենսական յատկացումներուն ընդհանուր գումարը կը կազմէ $440,500 ամերիկեան տոլար։

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը խորապէս կը հաւատայ, որ ազգային, երիտասարդական, կրթական, բարեսիրական թէ այլ կառոյցները եւ հիմնարկները իրենց առանցքային դերակատարութիւնը ունին մեր ժողովուրդին բարօրութեան եւ նորահաս սերունդներուն դաստիարակութեան առաքելութեան մէջ։

Վերոյիշեալ յատկացումները գործնական թարգմանութիւնն են այս համոզման։

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


ARS CEB SUPPORTS INSTITUTIONS AND PROGRAMS THROUGHOUT THE HOMELAND AND THE DIASPORA

The Central Executive Board of the Armenian Relief Society convened its plenary session at its headquarters in Watertown, MA, from March 19 to 22, 2026.

The plenary session featured a comprehensive agenda encompassing a wide range of topics related to the organization’s multifaceted activities. All matters were examined in depth, and corresponding decisions were duly adopted.

The ARS Central Executive Board is pleased to announce that, by unanimous resolution, financial allocations were approved in support of various institutions and programs. This decision reflects the Board’s firm conviction that ARS structures throughout the Diaspora, along with the diverse organizational and individual initiatives implemented in Armenia, play an essential role in strengthening the collective life of the Armenian people.

Accordingly, financial assistance was allocated to the AYF Camp Haiastan in Massatchussets (USA), the AYF Camp in California (USA), the Armenian Blue Cross camp of “BelleFontaine” in France, the Hamazkayin M. & H. Arslanian Jemaran ARS “Norsigian” Kindergarten, the “Sosseh” Kindergartens in Bulgaria, the ARS elderly homes in Argentina and Brazil, the United Armenian College in Bourj Hammoud (Lebanon), the United Armenian School and Karen Jeppe College in Aleppo (Syria), the “Hot Meal” programs in Syria and Lebanon, ARCL A. Boulghourdjian Socio-medical center for obtaining new Carestream-CR Classic for X-ray equipment, the care program for children with disabilities from Artsakh, and the production of a documentary film dedicated to the distinguished diplomat and public figure Diana Abgar.

The total value of these vital allocations amounts to $440,500 USD.

The ARS Central Executive Board reaffirms its strong belief that national, youth, educational, and philanthropic institutions play an essential role in advancing the well-being of our people and in shaping future generations. These allocations stand as a tangible expression of that commitment.

ARMENIAN RELIEF SOCIETY
CENTRAL EXECUTIVE BOARD

28/03/2026

Յայտարարութիւն ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան
---

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը իր վերջին լիագումարին ընթացքին հանգամանօրէն քննարկեց միջին արեւելեան հայ գաղութներուն իրավիճակը, դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ վտանգները՝ ռազմաքաղաքական վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ։

Կեդրոնական վարչութիւնը վերահաստատեց, որ միջին արեւելեան մեր գաղութները, որոնք կենսական եւ անբաժանելի մասն են հայկական Սփիւռքին, շնորհիւ ազգային- եկեղեցական ղեկավարութիւններուն թափած ճիգերուն, կը շարունակեն իրենց գոյութիւնն ու առաքելութիւնը՝ հակառակ բազում եւ բազմապիսի դժուարութիւններու։

Այս առիթով՝ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը կը հաստատէ, որ մօտէն կը հետեւի արձանագրուող զարգացումներուն եւ ամբողջական պատրաստակամութեամբ կը շարունակէ իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնել, որպէսզի միջին արեւելեան մեր գաղութները կարենան գոյատեւել նման վտանգներով լի կացութիւններու մէջ։

Կեդրոնական վարչութիւնը, թարգմանը հանդիսանալով մեր կազմակերպութեան շարքերուն, կը յուսայ, որ շուտով վերջ կը գտնեն պատերազմական գործողութիւնները, որպէսզի միջին արեւելեան մեր գաղութները իրենց հաւաքական կեանքը շարունակեն՝ բնականոն պայմաններու մէջ։

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Address

DIALETTI 4
Thessaloníki
54621

Telephone

+302310275352

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Armenian Relief Society of Macedonia and Thrace posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Organization

Send a message to Armenian Relief Society of Macedonia and Thrace:

Share